image

PKK Դարձեալ Կը Հարուածէ. Թուրք Զինուորներ Սպաննուեցան

PKK  Դարձեալ  Կը Հարուածէ.  Թուրք Զինուորներ Սպաննուեցան

Թուրքիա-  («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)  Քրտական  PKK  զինեալ  խմբաւորումը  երկու   նոր  յարձակումներ կատարած է թրքական ուժերուն դէմ: Այս մասին կը գրէ  «Տէյլի Սապահ»ը: Թերթը նաեւ կը փոխանցէ, թէ  զինեալներ հրթիռներ նետած են թրքական ուժերուն պատկանող կառքերու վրայ   պատճառելով  3 զոհեր:  Գրոհները տեղի ունեցած են Հաքքարի եւ Պաթման նահանգներուն մէջ: Յիշեցնենք, որ անցեալ  Յուլիսէն ի վեր  զինուորական ծանր  մարտեր տեղի կ'ունենան Թուրքիոյ  մէջ: Երկու կողմերը ունին մարդկային    կորուստներ: