image

Հրանտ Բագրատեանի «Ազատութիւն» կուսակցութիւնը պիտի սատարէ «Ուժեղ Հայաստան»ին

Հրանտ Բագրատեանի «Ազատութիւն» կուսակցութիւնը  պիտի  սատարէ «Ուժեղ Հայաստան»ին

«Ազատութիւն» կուսակցութիւնը որոշած է ԱԺ ընտրութիւններուն սատարել «Ուժեղ Հայաստան Սամուէլ Կարապետեանի հետ» քաղաքական ուժին։ Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է ՀՀ նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեանը։

««Ազատութիւն» կուսակցութեան հանրապետական վարչութեան ընդլայնուած նիստը որոշում է կայացրել 2026թ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններում սատարել «Ուժեղ Հայաստան Սամուէլ Կարապետեանի հետ» քաղաքական ուժին», գրած է Բագրատեան։

Նիստը նաեւ որոշում կայացուցած է հրաւիրել կուսակցութեան համագումար։

«Հանրապետական վարչութիւնը նաեւ որոշում է կայացրել 2026թ ապրիլի 19-ին ժամը 14։00 հրաւիրել կուսակցութեան համագումար՝ ընտրութիւններին ընդառաջ կուսակցութեան ռազմավարութեան, ներկուսակցական կազմակերպական հարցեր քննարկելու համար»,- գրած է Հրանդ Բագրատեանը։