image
Հրատապ լուրեր:

Փութինը կը կnրծանէ Ռուսիան՝ Ուքրանիոյ հարցով գործարքի չերթալով. կը կարծեմ` Ռուսիան մեծ խնդիրներ պիտի ունենայ. Թրամփ

Փութինը կը կnրծանէ Ռուսիան՝ Ուքրանիոյ հարցով գործարքի չերթալով. կը կարծեմ` Ռուսիան մեծ խնդիրներ պիտի ունենայ. Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը «կ՚ոչնչացնէ» Ռուսիան՝ հրաժարելով գործարք կնքել Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու համար, յայտնած է rferl.org-ը:

«Ան պէտք է գործարք կնքէ: Կը կարծեմ՝ ան կը կործանէ Ռուսիան՝ գործարքի չերթալով: Կը կարծեմ` Ռուսիան մեծ խնդիրներ պիտի ունենայ: Շատերը կը կարծէին, որ այս պատերազմը պիտի աւարտի մէկ շաբաթէն: Կը կարծեմ, որ շատ լաւ պիտի ըլլայ, որ ան (Փութինը-Խմբ.) աւարտէ այս պատերազմը», -ըսած է Թրամփ երդմնակալութենէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին:

Միաժամանակ Թրամփ յոյս յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահը խաղաղութեան համաձայնագրի կողմնակից է։ Ան կրկնած է, որ մօտ ապագային կրնայ խօսիլ Փութինի հետ, սակայն յստակ ժամկէտներ չէ նշած։ Թրամփ նաեւ աւելցուցած է, որ կը ծրագրէ հանդիպիլ Փութինի հետ բանակցութիւններ կազմակերպուելուն պէս, որոնց նախապատրաստական ​​աշխատանքները, ըստ անոր, արդէն կ՚ընթանան։

«Փութինի հետ շատ լաւ լեզու կը գտնէի: Յոյսով եմ, որ ան կ՚ուզէ գործարք կնքել», -ըսած է Թրամփ հնարաւոր հանդիպման մասին: Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին, ըստ Թրամփի, հաւատարիմ է հակամարտութիւնը դադրեցնելու բանակցութիւններուն։

Նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ Տանըլտ Թրամփ խոստացած էր դադրեցնել պատերազմն Ուքրանիոյ մէջ՝ պաշտօնը ստանձնելէն ետք «24 ժամուան ընթացքին»։