ԱՄՆ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ ինք պիտի որոշէ, արդեօք «ոչ այնքան հեռաւոր ապագային»` 2024 թուականին կ'առաջադրուի երկրորդ անգամ պաշտօնավարելու համար, թէ ոչ։
Fox News-ին տուած հարցազրոյցին մէջ Թրամփ նշած է, որ հարցումներու համաձայն՝ ինքը առաջատար է հանրապետական ընտրողներու շրջանին. «Ըստ հարցումներու՝ ես առաջատար եմ՝ 40-50 միաւորով»,- ըսած է ան՝ կասկած յայտնելով, որ շատ ընդդիմախօսներ իր դէմ դուրս կու գան, եթէ որոշէ առաջադրուիլ։
«Անոնցմէ շատերը կ'ըսէին, որ չեն առաջադրուիր, եթէ ես առաջադրուիմ: Այսպիսով, եկէք տեսնենք, արդեօք այդ ճիշդ է: Կը կարծեմ՝ անհաւատարիմ քայլ կ'ըլլայ, սակայն այդ ալ բնական է: Երեւի մօտ ապագային որոշում կը կայացնեմ։ Մենք պէտք է այս երկիրը կրկին հզօրացնենք», -նշած է Թրամփ։
Ան քննադատած է Պայտընի վարչակազմը՝ արտաքին քաղաքականութեան, ուժանիւթային եւ տնտեսական կառավարման համար։
«Մենք ուժանիւթային անկախութիւն ունէինք։ Մեզ կը յարգէին ամբողջ աշխարհի մէջ։ Մենք ունէինք ցած հարկեր, չունէինք գնաճ, ունէինք պատմութեան մէջ ամենաամուր սահմանը։ Հիմա նայեցէք մեր երկրին. մեր երկիրը ձախողած երկիր է, մենք անկում ապրող ժողովուրդ ենք», -ըսած է ԱՄՆ-ի նախկին նախագահը։
Թրամփ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը չէր ներխուժեր Ուքրանըա, եթէ ինք ըլլար ԱՄՆ-ի նախագահը։
«Փութին կը յարգէր զիս, եւ մենք խաղեր չէինք խաղար, ու այդ տեղի չէր ունենար… Հիմա նաւթն այնքան թանկ է, որ Փութինը կրնայ շարունակել պաերազմը: Անոր համար փողը խնդիր չըլլար», - եզրափակած է ան։