image

Փութինի աշխոյժ մասնակցութեամբ...

Փութինի աշխոյժ մասնակցութեամբ...
Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ համաձայնագրերու կատարման գործընթացը լաւ կ'ընթանայ. ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը մշտական ​​կապի մէջ է ինչպէս Ատրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւի, այնպէս ալ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ, «РИА Новости»-ի հաղորդմամբ, լրագրողներուն ըսած է ՌԴ ղեկավարի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը:
 
«Ընդհանուր առմամբ, այս ուղղութեամբ աշխատանքները լաւ կ'ընթանան: Գիտէք, որ եռակողմ համաձայնագրերը կնքուած են նախագահ Փութինի աշխոյժ մասնակցութեամբ, եւ անոնք կ'իրականացուին նախագահ Փութինի շատ աշխոյժ մասնակցութեամբ: Ան մշտական ​​կապի մէջ է վարչապետի պաշտօնակատար Փաշինեանի եւ նախագահ Ալիեւի հետ: Այժմ մենք գործ ունինք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման եւ կեանքի կոչման հետ»,- ըսած է Փեսքովը:
 
Անդրադառնալով Ֆրանսայի ցանկութեան՝ միանալու Ղարաբաղի կարգաւորման գործընթացին՝ ան ըսած է, որ եթէ միջնորդներու ջանքերը խաղաղութիւն պիտի բերեն, ապա անոնք կարելի է միայն ողջունել։