image

Փութին յաջողելու հնարաւորութիւն չունի.Պայտըն

Փութին յաջողելու հնարաւորութիւն չունի.Պայտըն

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կորսնցուցած է Ուքրանիան, PBS NewsHour-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը։

«Տեսէք, Փութինը յաջողելու հնարաւորութիւն չունի, ան արդէն կորսնցուցած է Ուքրանիան: Ան կը կարծէր, որ եթէ Ուքրանիա ներխուժէ, առաջին հերթին իւրաքանչիւր ռուսախօս զինք պիտի ընդունի, պիտի ըսէ՝ «հրամմէ ներս»։ Եւ երկրորդ, ան կը կարծէր, որ ՆԱԹՕ-ն պիտի փլուզի: Բայց ասոնցմէ ոչ մէկը տեղի ունեցաւ»,- ըսած է Պայտըն։

Աւելի վաղ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած էր, որ Ուքրանիոյ մէջ յատուկ գործողութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի աւարտվի Ռուսիոյ յաղթանակով։ Անոր խօսքով՝ ընթացքը դրական է, ամէն ինչ կը զարգանայ ռազմական ծրագրի համաձայն։