Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին երկու հրամանագիր ստորագրած է Խերսոնի եւ Զապորոժիէի մարզերը որպէս անկախ տարածքներ ճանչնալու մասին։ Փաստաթուղթերերուն մէջ պետութեան ղեկավարը վկայակոչած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ ամրագրուած միջազգային իրաւունքի համընդհանուր ճանչցուած սկզբունքներն ու չափանիշերը, ժողովուրդներու հաւասար իրաւունքներու եւ ինքնորոշման սկզբունքը, գրած է rg.ru-ն։
Հրամանագրերն ուժի մէջ պիտի մտնեն ստորագրման օրէն։
Սեպտեմբեր 23-էն 27-ը ինքնահռչակ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութեան մէջ, ինչպէս նաեւ Խերսոնի եւ Զապորոժիէի մարզերուն մէջ Ռուսիոյ միանալու հարցի շուրջ հանրաքուէներ կայացած են: Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան մէջ քուէաթերթիկներու 100 տոկոսի մշակման արդիւնքներու համաձայն՝ Ռուսիոյ միանալու օգտին քուէարկած է մարդոց 99,23 տոկոսը, Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութեան մէջ՝ 98,42 տոկոսը, Խերսոնի մարզին մէջ՝ 87,05 տոկոսը, Զապորոժիէի մարզին մէջ՝ 93,11 տոկոսը։
Փութին 30 սեպտեմբերին Քրեմլի մէջ պիտի մասնակցի Ռուսիոյ նոր տարածքներու միացման մասին պայմանագրերու ստորագրման արարողութեան: