image

Փութին Միացեալ Նահանգները «Բարդ երկիր» համարած է

Փութին Միացեալ Նահանգները «Բարդ երկիր» համարած է

Հասկնալը, թէ ով որոշումներ կը կայացնէ ԱՄՆ-ի մէջ, հեշտ չէ. Ամերիկան ​​բարդ երկիր է՝ պահպանողական, բայց միեւնոյն ժամանակ արագ փոփոխուող, ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ամերիկացի լրագրող Թաքըր Քարլսընին տուած հարցազրոյցին, որ հրապարակուած է անոր կայքին մէջ։ Այս մասին յայտնած է «Ռիա Նովոսթի»-ն։

Հարցազրոյցի ժամանակ Քարլսըն Փութինին հարցուցած է, թէ իր կարծիքով ով որոշումներ կը կայացնէ ԱՄՆ-ի մէջ։

«Չեմ գիտեր։ Ամերիկան ​​բարդ երկիր է, ուստի, մէկ կողմէ՝ պահպանողական, միւս կողմէ՝ արագ փոփոխուող։ Մեզի համար հեշտ չէ այդ պարզել: Ո՞վ որոշումներ կը կայացնէ ընտրութիւններուն. Հնարաւո՞ր է այդ հասկնալ, երբ իւրաքանչիւր նահանգ ունի իր օրէնսդրութիւնը, իւրաքանչիւր նահանգ ինքն իրեն կը կարգաւորէ, եւ ինչ-որ մեկուն կարելի է բացառել պետական ​​մակարդակով ընտրութիւններէն։

Սա երկփուլ ընտրակարգ է, սա մեզի համար շատ դժուար է հասկնալ։ Ի հարկէ, գերիշխող երկու կուսակցութիւն կայ՝ հանրապետականներն ու դեմոկրատները։ Եւ այս կուսակցական համակարգի շրջածիրէն ներս կան կեդրոններ, որոնք որոշումներ կը կայացնեն, որոշումներ կը պատրաստեն»,-ըսած է Փութինը։