image

Փութին մտահոգ է Աֆղանիստանի զարգացումներով

Փութին մտահոգ է Աֆղանիստանի զարգացումներով

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած է, որ իրավիճակը Աֆղանիստանի մէջ անմիջական կապ ունի Ռուսաստանի անվտանգութեան հետ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոստի»-ն, Փութինը նաեւ նշած է. «Այդ սարսափները, որոնք այժմ Աֆղանիստանի մէջ են, ոչ այնքան վաղուց եղած են մեր մօտ, եւ մենք չենք անոր վերադարձը, եւ նման տարրեր մեզի պէտք չեն»:

«Մենք չենք ուզեր, որ Աֆղանիստանէն փախստականներու անուան տակ մեր քով գրոհայիններ յայտնուին», - ընդգծած է Փութին: