image
Հրատապ լուրեր:

Փութին գրեթէ առանձին է. ան չունի ուժեղ դաշնակիցներ. Գերմանիոյ վարչապետ

Փութին գրեթէ առանձին է. ան չունի ուժեղ դաշնակիցներ. Գերմանիոյ վարչապետ

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց յայտարարած է, որ «Ռուսիոյ նախագահը աշխարհի մէջ առանձին մնացած է»: Ան այս մասին գրած է իր պաշտօնական թուիթըրեան էջին:

«Ռուսիոյ նախագահ Փութին աշխարհի մէջ գրեթէ առանձին է: Ան չունի ուժեղ դաշնակիցներ: Սա G20-ի Պալիի մէջ գագաթնաժողովի յաջողած ամենակարեւոր արդիւնքն է։ Բոլորովին անընդունելի է, որ ան անփոփոխ եւ օդային հարուածներով կը շարունակէ պատերազմը Ուքրանիոյ մէջ», - գրած է վարչապետը եւ աշխարհի միւս տէրութիւններու ղեկավարներու հետ լուսանկար հրապարակած:

Նշենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը չի մասնակցիր Պալիի մէջ «Մեծ քսանեակ»-ի գագաթնաժողովին, ուր Ռուսիան կը ներկայացնէ երկրի ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովը: