Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Պելառուսիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Ալեքսանտր Լուքաշենքօն Միութենական պետութեան Գերագոյն պետական խորհուրդի առցանց նիստին համալրման իրաւական փաստաթուղթ ստորագրած են։
Այս փաստաթուղթը կը հաստատէ 2021-2023 թուականներու՝ Միութենական պետութեան ստեղծման մասին պայմանագրի դրոյթներու իրականացման հիմնական ուղղութիւնները եւ 28 ծրագրեր։ «Տեսնելով, որ Փութինը ստորագրած է, ես եւս կը ստորագրեմ», ըսած է Լուքաշենքօն։