image
Հրատապ լուրեր:

Փութին եւ Լուքաշենքօ ԵԱՏՄ առաջնորդներու հանդիպման քննարկած են Հայաստանի թեման. Փեսքով

Փութին եւ Լուքաշենքօ ԵԱՏՄ առաջնորդներու հանդիպման քննարկած են Հայաստանի թեման. Փեսքով

Ռուսիոյ եւ Պելառուսիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Ալեքսանտր Լուքաշենքոն մայիս 28-ին Աստանայի մէջ տեղի ունեցած միջոցառումներու շրջածիրէն ներս քանի մը զրոյց ունեցած են։ Անոնք հակիրճ կերպով կարծիքներ փոխանակած են նաեւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ, լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։

«Անոնք երէկ միջոցառումներու շրջածիրէն ներս քանի մը զրոյց ունեցած են։ Հայաստանի վերաբերեալ կարծիքներու կարճ փոխանակում եղած է։ Սակայն բովանդակալից քննարկում տեղի չէ ունեցած. պարզապէս ժամանակ չէ եղած»,– բացատրած է Փեսքով։

«Բայց ոչ պաշտօնական ճաշի ընթացքին անոնք հնարաւորութիւն ունեցած են միասին շատ լաւ զրուցելու, եւ այդ բաւական երկար շփում եղած է»,– նշած է Փեսքովը։