Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Վլատիմիր Փուլինն ու Իլհամ Ալիեւը Մոսկուայի մէջ դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիր պիտի ստորագրեն:
Քրեմլի տեղեկութիւններով, Իլհամ Ալիեւի` այսօր մեկնարկող պաշտօնական այցի ընթացքին կողմերը պիտի քննարկեն քաղաքական, առեւտրատնտեսական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման վերաբերող շարք մը հարցեր:
Բացի այդ, կողմերը կ'ակնկալեն քննարկել 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններու կատարման ընթացքը, այդ շարքին` Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ ճանապարհային հաղորդակցութեան կապերու վերականգնումը: