image
Հրատապ լուրեր:

Փութին չի պատրաստուիր փակելու Պետրոս Առաջինի դէպի Եւրոպա բացած պատուհանը

Փութին չի  պատրաստուիր փակելու Պետրոս  Առաջինի դէպի Եւրոպա  բացած  պատուհանը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին բարձր կը գնահատէ Պետրոս Առաջինի դերը Ռուսիոյ պատմութեան մէջ, եւ ոչ ոք կը ծրագրէ փակել անոր բացած «պատուհանը դէպի Եւրոպա»: Այս մասին յայտնած է պետութեան ղեկավարի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը:

«Եթէ խօսինք Պետրոս Առաջինի մասին, ապա Փութինը բարձր կը գնահատէ այդ անձին դերը մեր երկրի պատմութեան մէջ», ըսած է Փեսքովը:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ հաշուի առնելով այսօրուայ դժուարութիւնները, «պիտի փակուի՞ դէպի Եւրոպա պատուհանը, որ «բացած է» ռուսաց առաջին կայսրը, Քրեմլի ներկայացուցիչը ընդգծած է. «Ոեւէ մէկը չի նախատեսեր որեւէ բան փակել»:

Ան յաւելած է, որ Փութինը պատմութեան խոր գիտակ է: