Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին բարձր կը գնահատէ Պետրոս Առաջինի դերը Ռուսիոյ պատմութեան մէջ, եւ ոչ ոք կը ծրագրէ փակել անոր բացած «պատուհանը դէպի Եւրոպա»: Այս մասին յայտնած է պետութեան ղեկավարի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը:
«Եթէ խօսինք Պետրոս Առաջինի մասին, ապա Փութինը բարձր կը գնահատէ այդ անձին դերը մեր երկրի պատմութեան մէջ», ըսած է Փեսքովը:
Պատասխանելով այն հարցին, թէ հաշուի առնելով այսօրուայ դժուարութիւնները, «պիտի փակուի՞ դէպի Եւրոպա պատուհանը, որ «բացած է» ռուսաց առաջին կայսրը, Քրեմլի ներկայացուցիչը ընդգծած է. «Ոեւէ մէկը չի նախատեսեր որեւէ բան փակել»:
Ան յաւելած է, որ Փութինը պատմութեան խոր գիտակ է: