image

Փութին-Ալիեւ հեռախօսազրոյց. Թեման Երեւան-Պաքու կարգաւորումն է

Փութին-Ալիեւ հեռախօսազրոյց. Թեման Երեւան-Պաքու կարգաւորումն է

Փութին եւ Ալիեւ գոհունակութիւն յայտնած են Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի վերջերս Ատրպէյճան կատարած պետական այցի յաջող արդիւնքներու կապակցութեամբ:

Փութին Ալիեւի հետ հեռախօսազրոյցին հաստատած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու աջակցիլ Պաքուին եւ Երեւանին կարգաւորման համար լուծումներ մշակելու հարցին, հաղորդած է Քրեմլին։

Կողմերը քննարկած են նաեւ Անդրկովկասի մէջ տիրող իրավիճակը՝ ատրպէյճանական-հայկական խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստումը, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ փոխադրային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման առնչուող հարցեր։