Փունջ մը ծաղիկ ընկեր Ժիրայր Յովհաննէսեանի յիշատակին:
Հալէպի վաղեմի Նոր Գիւղի նահապետներէն, ընկ. Ժիրայր Յովհաննէսեան շիջեցաւ:
Որպէս մունջ նուիրեալ մը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, գործեց հաւատքով եւ անշահախնդիր, յանուն հայ ազգի ու Գանատայի հայ գաղութի պանծացման:
Հալէպի մէջ, հանդիսացաւ այն խաւարի ասպետներէն մին, որ 1960 թուականներու անմխիթար ապահովական վիճակին, խումբ մը ընկերներու անձնդիր նուիրումով, կրցան փրկել անխորտակելին, ամրոցի մէջ անթեղուած բարոյական գանձը՝ կուռ Դաշնակցական հաւատաքը, փոխանցելով անոր դրօշը յաջորդող սերունդներուն:
Կազմակերպական իր անբասիր ցայտուն նկարագրով, համակեց իր շրջապատը, ուր աւելի զարդարուն դարձաւ այդ մէկը, շնորհիւ իր մշակոյթի հանդէպ տածած սէրին ընդմէջէն: Ան, հանրային եւ ընկերական հանդիպումներուն, իր հանդիսաւոր տամատայութեամբ՝ ծաղկեցուց խամրած հոգիները, մտրակեց թմբիրի մէջ կորած մտքերը, քերթողական հատընտիրներրու իւրայատուկ ներկայացումներով եւ գաղցրահամբոյր երաժշտական երգեցողութեամբը:
Սեւակի այս տողերը կը համըկնին ընկեր Ժիրայրի կենցաղին՝
Խմենք կենացն անդաւաճան ընկերութեան,
Ընկերների ա՛յն սերութեան,
Որ մինչև իսկ չի ընդհատւում
Աքսորի մէջ ու գերութեան:
Ընկե՛ր լինենք
Նոյն հուզմունքի,
Համոզմունքի՛,
Նոյն ճաշակի՛,
Դրօշակի՛,
Ո՛չ թե ընկեր լոկ բաժակի...
Յովհաննէսեան ամոլին ընկերակցութիւնը, Սօնայի եւ Ժիրայրի, դասական մտերմիկ հանդիպումներէն անդին ջերմութեամբ զուգորդուած կ՛ըլլային, ուր հայ գրականութիւնը եւ ազգային
գերխնդիրները, առանցքը կը կազմէին այդ նախանձելի մտերմիկ հանդիպումներուն:
Ընկեր ժիրայր Յովհաննէսեան, իր ուրոյն դրոշմը զետեղեց հանրային կեանքին մէջ, ու իր պայքարունակ նկարագրով, կարողացաւ երկա՜ր տարիներ դիմադրել ֆիզիքական-առողջապահական ո՛չ նախանձելի իրավիճակին:
Սակայն,այդ անձուկ վիճակը պատճառ չդարձաւ, որ մեկուսանայ շրջապատէն ու կղզիանայ իր առողջապահական կացութեան լոկ բարւոքման: Ընդհակառակը, ինք հոն էր ու յուսադրողը, ուր ժողովրդային հանդիպում կար: ինք սրտապնդող էր բոլոր հանրային նախաձեռնութիւններուն, ու իր փորձառական օրինակներով խրասոխուսողը կուսակցական կազմակերպական կեանքին:
Թող վարակիչ ըլլայ իր նմաններու օրինակը:
Գործն է անմահ լա՛ւ իմացէք,
Որ խօսում է դարէ դար,
Երնէկ նրան, որ իր գործով
կ՛ապրի անվերջ անդադար
Յաւերժական լոյսերու մէջ թող արարի քու յոգնաբեկ հոգին:
Վշտակցող Ընկերդ՝
Ժան Հալլաճեան
Թորոնթօ, 14 Յունուար 2025