image

Փոխվարչապետներու եռակողմ հանդիպում՝ յաջորդ շաբաթ

Փոխվարչապետներու եռակողմ հանդիպում՝ յաջորդ շաբաթ

Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետները յաջորդ շաբաթ պիտի հաւաքուին Մոսկուայի մէջ: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Սոչիի մէջջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ բանակցութիւններու աւարտէն յետոյ:

«Յաջորդ շաբաթ անոնք պիտի հաւաքուին Մոսկուայի մէջ՝ ամփոփելու որոշ արդիւնքներ եւ յայտարարելու այն որոշումները, որոնց շուրջ մենք այսօր պայմանաւորուած ենք», ըսած է Փութին։

Ան նաեւ յայտարարած է, որ խօսուած է ճանապարհային միջանցքներու ապաշրջափակման մասին՝ ընդգծելով, որ խօսքը ե՛ւ երկաթուղային, ե՛ւ փոխադրակառքերու հաղորդակցութեան մասին է: Ան նշած է, որ մինչեւ տարեվերջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման մեխանիզմներ պիտի ստեղծուին:

Փութինի խօսքով, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ կողմերը յաջողած են յառաջ շարժիլ մարդասիրական հարցերու մէջ, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է ճանապարհային հաղորդակցութեանց միջանցքներու ապաշրջափակման շուրջ:

Ռուսաստանի ղեկավարին խօսքով՝ ԼՂ հարցով եռակողմ հանդիպումը կառուցողական էր, իրավիճակի խորը վերլուծութիւն իրականացուած է: