Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ բանակցութիւններն անհնար են առանց երկու կողմերու զիջումներու։ Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն։
Անոր խօսքով, բանակցութիւնները պատերազմի աւարտի միակ միջոցն են, սակայն որեւէ բանակցութիւն՝ ըլլայ ձեռնարկութիւն, առեւտուր, թէ քաղաքական, կ՚ենթադրէ, որ կողմերն ինչ-որ բանէ պէտք է հրաժարին եւ երթան զիջումներու։
Ռուպիոն չէ յստակեցուցած, թէ ճիշդ ինչէ պէտք է բաղկացած ըլլան զիջումները, սակայն նշած է, որ ատոնք պէտք է դառնան բանակցութիւններու առարկայ։
«Սա պէտք է ըլլայ բանակցութիւններու մէկ մասը, բայց այս բանակցութիւններու մէջ մտնելը, ընդհանուր յայտարարութիւններ ընելը, որոնք կրնան այս կամ այն կողմին պատրուակ տալ՝ չմասնակցելու համար, ոչ մէկ օգուտ կը բերէ», -ըսած է ան:
Աարտաքին գործոց նախարարը աւելցուցած է, որ պատերազմը ռազմական լուծում չունի, քանի որ ոչ Ռուսիան, ոչ Ուքրանիան կրնան հասնիլ իրենց «առաւելապաշտական ռազմական նպատակներուն»։