Այսօր՝ Նոյեմբեր 21-ին, ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Տավուշի մարզին մէջ:
Ժամը 13:30-ի սահմաններուն Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայութեան 911 ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Նոյեմբերեանի տարածաշրջանի «Յաղթանակ» բնակավայրի 5-րդ փողոցի տուներէն մէկուն մէջ փլուզում տեղի ունեցած է եւ կան տուժածներ:
Դէպքի վայրէն 8 հոգի տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են «Նոյեմբերեան» բժշկական կեդրոն:
Անոնցմէ 3-ամեայ աղջնակը ճանապարհին մահացած է:
Մահացածն ու վիրաւորները երեխաներ են, որոնք նշուած փողոցի 12-րդ երկայարկանի տան պատշգամբին կը խաղային, երբ այն փլուզուած է:
Նշուած շէնքը կուռուցուած է Խորհրդային տարիներուն եւ օգտագործուած է որպէս հանրակացարան, իսկ վիրաւորներուն մէջ մեծ թիւ կը կազմեն երեխաները: