image

Փլած է «Յաղթանակ» գիւղի հանրակացարանի պատշգամբը. Մահացած է 3-ամեայ փոքրիկ

Փլած է «Յաղթանակ» գիւղի հանրակացարանի պատշգամբը. Մահացած է 3-ամեայ փոքրիկ

Այսօր՝ Նոյեմբեր 21-ին,  ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Տավուշի մարզին մէջ: 

Ժամը 13:30-ի սահմաններուն  Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան  փրկարար ծառայութեան  911  ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ  Նոյեմբերեանի տարածաշրջանի «Յաղթանակ» բնակավայրի  5-րդ փողոցի տուներէն մէկուն մէջ փլուզում տեղի ունեցած է եւ կան տուժածներ: 

Դէպքի վայրէն 8 հոգի տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են «Նոյեմբերեան»  բժշկական կեդրոն: 

Անոնցմէ 3-ամեայ աղջնակը ճանապարհին մահացած է:

Մահացածն ու վիրաւորները երեխաներ են, որոնք նշուած փողոցի 12-րդ երկայարկանի տան պատշգամբին կը խաղային, երբ այն փլուզուած է: 

 Նշուած շէնքը կուռուցուած է Խորհրդային տարիներուն եւ օգտագործուած է որպէս հանրակացարան, իսկ վիրաւորներուն մէջ մեծ թիւ կը կազմեն երեխաները: