image
Հրատապ լուրեր:

Փենթակոնի ղեկավարը բժշկական միջամտութենէն ետք վերադարձած է իր աշխատանքներուն

Փենթակոնի ղեկավարը բժշկական միջամտութենէն ետք վերադարձած է իր աշխատանքներուն

ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթըն բարեյաջող անցած է բժշկական միջամտութիւնը եւ վերադարձած իր պարտականութիւններուն:

Այս մասին յայտնած է Փենթակոնի մամուլի ծառայութիւնը։

Ան Ուոլթըր Ռիտի ազգային ռազմական բժշկական կեդրոնին մէջ ենթարկուած է ոչ վիրաբուժական միջամտութեան: Ընթացակարգը տեւած է երկուքուկէս ժամ: Այդ ընթացքին Փենթակոնի ղեկավարի լիազօրութիւնները փոխանցուած են անոր տեղակալ Քէյթլին Հիքսին։

Նախարարի ժամանակացոյցին մէջ փոփոխութիւններ չեն նախատեսուած:

Անցեալ տարեվերջին Փենթակոնի ղեկավարը շագանակագեղձի քաղցկեղի վիրահատութեան ենթարկուած էր, իսկ յետոյ միզուղիներու բորբոքման ու որովայնի խոռոչին մէջ հեղուկի կուտակման համար երկար բուժում անցած էր։