Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ 7 դեկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած հանդիպումը պիտի չկայանայ: Ինչպէս կը գրեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
«Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումը պէտք է կայանար 7 դեկտեմբերին։ Բայց երէկ Հիքմեթ Հաճիեւն ինծի տեղեկացուց, որ իր հետ կապուած են Շարլ Միշէլի գրասենեակէն եւ յայտնած, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը համաձայնած է հանդիպման միայն այն պարագային, եթէ անոր մասնակցի Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնը։ Այս կը նշանակէ, որ այս հանդիպումը չի կայանար»,- ըսած է Ալիեւ:
Վերջինիս խօսքով՝ «Ֆրանսան չի կրնար մասնակցիլ խաղաղութեան գործընթացին»:
«Փրակի մէջ հանդիպումէն մէկ շաբաթ ալ չանցած՝ Մաքրոնը հարցազրոյցին քննադատած է Ատրպէյճանը եւ մեզ մեղադրած բանի մը համար, որ մենք չենք ըրած։ Անոր յաջորդեց Ֆրանսայի Սենատի յայտնի բանաձեւը, որ բացարձակապէս անընդունելի է եւ վիրաւորական։ Յետոյ եղաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի հերթական հակաատրպէյճանական բանաձեւը, յետոյ Ֆրանսայի կողմէ Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովի միջոցով մեր վրայ յարձակելու փորձ։ Այս ամէնը հաշուի առնելով՝ պարզ է, որ Ֆրանսան չի կրնար մասնակցիլ խաղաղութեան գործընթացին։ Եւ այս ոչ թէ մեր, այլ անոնց մեղքն է, քանի որ ո՛չ ԱՄՆ-ը, ո՛չ Ռուսիան երբեւէ պաշտօնապէս որեւէ մէկուն կողմը չեն բռնած։ Այս կը նշանակէ, որ 7 դեկտեմբերի հանդիպումը չի կայանար։ Եւ մենք կը դիտարկենք այլընտրանքներ: Տեսնենք, թէ ով եւ ինչ հարթակի վրայ հանդէս կու գայ որպէս միջնորդ»,- ըսած է Ալիեւ։