image

Փաշինեան ընդունեց ԵԱՀԿ-եան խումբի համանախագահը

Փաշինեան ընդունեց ԵԱՀԿ-եան խումբի համանախագահը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ԱՄՆ նորանշանակ համանախագահ, Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրը: Այս մասին յայտնած են վարչապետի աշխատակազմէմ:

Վարչապետը շնորհաւորած է պարոն Ռիքըրը պատասխանատու պաշտօնին նշանակուելու կապակցութեամբ եւ ողջունած է անոր այցը տարածաշրջան: Կառավարութեան ղեկավարը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու կարեւոր դերը՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ պետութիւն: Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է Մինսքի խումբի  համանախագահութեան ծիրէն ներս բանակցային գործընթացի վերականգնումը եւ վերջինիս փորձի օգտագործումը՝ ԼՂ հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորման մէջ:

Զրուցակիցները քննարկած են ԼՂ հիմնախնդրին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Անդրադարձ կատարուած է 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով առաջացած մարդասիրական խնդիրներուն: Շեշտուած է հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձանց անյապաղ հայրենադարձման, ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանային կայունութեանն ու անվտանգութեանն առնչուող այլ թեմաներու շուրջ: