image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան քաղաքական ընտրանիին հետ այցելեց Եռաբլուր

Փաշինեան քաղաքական ընտրանիին հետ այցելեց Եռաբլուր

Հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուածներու յիշատակի օրուան առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի եւ ՀՀ բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցած իրենց կեանքը յանուն հայրենիքի զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:

Վարչապետը ծաղիկներ խոնարհած է Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն եւ ծաղկեպսակ՝ զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին: