Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ յուլիս 17-20-ը աշխատանքային այցով մեկնած է Միացեալ Թագաւորութիւն՝ Լոնտոն, ուր պիտի մասնակցի Եւրոպական քաղաքական համայնքի չորրորդ գագաթնաժողովին:
Ինչպէս յայտնած են ՀՀ կառավարութենէն, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ նախատեսուած են երկկողմ հանդիպումներ՝ շարք մը միջազգային գործընկերներու հետ:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալեւ եւս պիտի մասնակցի Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովին։