Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:
Վարչապետը մանրամասներ ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ սանձազերծուած յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ հակառակ սահմանին յարաբերական հանգիստ է՝ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ շատ լարուած:
Էմանուէլ Մաքրոն վերահաստատած է պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու երկխօսութեանն ու խաղաղութեան:
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին ուղղուած ՀՀ դիմումի շուրջ քննարկումներուն: Վարչապետ Փաշինեանն ընդգծած է տեղի ունեցողի վերաբերեալ միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգի կարեւորութիւնը: