image

Փաշինեան եւ Տոնտրիտի կը քննարկեն ԼՂ հակամարտութեան եւ ՀՀ-Ատրպէյճան սահմանազատման առնչուող հարցեր

Փաշինեան եւ Տոնտրիտի կը քննարկեն ԼՂ հակամարտութեան եւ ՀՀ-Ատրպէյճան սահմանազատման առնչուող հարցեր

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած էէ ԱՄՆ պետական քարտուղարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Գարին Տոնտրիտը:

Վարչապետը կարեւորած է հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումն ու ընդլայնումը եւ նշած է, որ Տոնտրիտի այցը եւս մէկ հնարաւորութիւն է քննարկելու երկկողմ օրակարգային հարցերը: Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատած է ԱՄՆ օժանդակութիւնը ՀՀ կառավարութեան ժողովրդավարական բարեփոխումներու արդիւնաւէտ յառաջ մղման գործին մէջ` յաւելելով, որ ժողովրդավարութեան զարգացումը գործադիրի կարեւորագոյն առաջնահերութիւններէն մէկն է:

Գարին Տոնտրիտի խօսքով` ԱՄՆ վարչակազմը եւս կը կարեւորէ Հայաստանի հետ տարբեր ուղղութիւններով փոխգործակցութեան ընդլայնումն ու ամրապնդումը, ուստի ՀՀ ժողովրդավարական հիմնարկները զարգացման ուղղուած աջակցութիւնը պիտի կրէ շարունակական բնոյթ: