Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ առաւօտեան այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն:
Վարչապետը յարգանքի տուրք մատուցած է Արցախեան պատերազմին Հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին, ծաղիկներ խոնարհած է անյայտ կորսուած ազատամարտիկներու յուշակոթողին, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն եւ ծաղկեպսակ՝ զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին: