2 դեկտեմբերին, Հրազդան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախաձեռնող խումբի նիստ, որ վարած է վարչութեան նախագահ, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Յայտնած են կուսակցութենէն:
Նիստին մասնակցած են կուսակցութեան Կոտայքի մարզի տարածքային կազմակերպութիւններու անդամները, մարզպետը, համայնքապետեր, պատգամաւորներ եւ կուսակցութեան վարչութեան անդամներ։
Քննարկուած են գաղափարական, քաղաքական, ինչպէս նաեւ Կոտայքի մարզի համայնքներու աւագանիներու մէջ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւններու աշխատանքի հետ կապուած հարցեր։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկած է ելոյթով եւ պատասխանած կուսակցականներու հարցերուն։