Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ, 18 նոյեմբերի երեկոյեան, աշխատանքային այցով մեկնած է Թունուզի Հանրապետութիւն:
Ինչպէս «Արեւելք» տեղեկացաւ վարչապետի պաշտօնական կայքէն, նոյեմբեր 18-19-ին Թունուզի մէջ՝ Ճերպա քաղաքին մէջ, պիտի կայանայ Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան (ՖՄԿ) 18-րդ գագաթնաժողովը, որու ընթացքին Հայաստանը ՖՄԿ գագաթնաժողովի նախագահութիւնը պիտի փոխանցէ Թունուզին: Գագաթնաժողովին վարչապետ Փաշինեան հանդէս պիտի գայ ելոյթով:
Այցի շրջածիրէն ներս վարչապետը պիտի ունենայ նաեւ երկկողմ հանդիպումներ՝ տարբեր երկիրներու առաջնորդներու հետ:
Ճերպայի մէջ պիտի գործէ Ֆրանքոֆոնիայի աւան։ Մասնակից երկիրները, Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գործընկերներն ու գործակալութիւնները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ցուցադրելու իրենց երկիրներու մշակութային բազմազանութիւնը. ձեռագործ աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք, մասնակից պետութիւններու զբօսաշրջային հնարաւորութիւններու, արուեստի ու մշակոյթի գործերու, ինչպէս նաեւ ազգային խոհանոցի ներկայացում:
Այս հարթակին Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի ներկայանայ «Մշակոյթ եւ արհեստագիտութիւն» խորագիրը կրող տաղաւարով, որու ձեւաւորման առանցքը հայկական հարուստ գորգագործական մշակոյթն է: