Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ, փետրուար 16-18-ը աշխատանքային այցով մեկնած է Միւնիխ:
Վարչապետի աշխատակազմի տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ Նիկոլ Փաշինեանը պիտի մասնակցի Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան:
Հաղորդուած է, որ համաժողովի շրջածիրէն ներս Նիկոլ Փաշինեանը երկկողմ շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ արտերկրի գործընկերներու հետ:
Համաժողովի շրջածիրէն ներս քննարկումներէն մէկուն պիտի մասնակցի նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։
Նշենք, որ 2023 թուականի Միւնխի անվտանգութեան համաժողովի շրջածիրէն ներս տեղի ունեցած էր Հայաստանի վարչապետի, Ատրպէյճանի նախագահի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եռակողմ հանդիպումը: Նիկոլ Փաշինեանը Վրաստանի վարչապետի, Ատրպէյճանի նախագահի եւ ԵԱՀԿ ընդհանուր քարտուղարի հետ մասնակցած էր նաեւ տարածաշրջանի անվտանգութեան վերաբերող քննարկման: