image

Փաշինեան ցաւակցեցաւ Աւստրիոյ ժողովուրդին.Մեր աղօթքները ձեր հետ են

Փաշինեան ցաւակցեցաւ Աւստրիոյ ժողովուրդին.Մեր աղօթքները ձեր հետ են

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ցաւակցած է Աւստրիոյ ժողովուրդին 2 նոյեմբերին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններու առնչութեամբ:

«Մեր աղօթքները Աւստրիոյ ժողովուրդի հետ են: Լեռնային Ղարաբաղն արդէն մէկ ամիսէ աւելի կը պայքարի ատրպէյճանա-թրքական ահաբեկչական ուժերու դէմ: Ես կը կիսեմ Աւստրիոյ ժողովուրդի վիշտը, համբերութիւն կը մաղթեմ զոհուածներու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում՝ վիրաւորներուն»,-«Թվիթըր»-ի իր էջին նշած է վարչապետ Փաշինեանը: