Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ցաւակցական հեռագիր յղած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումի կապակցութեամբ, յայտնած է Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը։
«Խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեն Երեւանի առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած հրդեհի հետեւանքով մարդոց մահուան կապակցութեամբ: Կը խնդրեմ, անկեղծ կարեկցանքի եւ զօրակցութեան խօսքեր փոխանցել զոհուածներու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինման մաղթանքներ բոլոր տուժածներուն»,-ըսուած է հեռագրին մէջ։