image

Փաշինեան այցելեց «Սուրմալու» տօնավաճառ

Փաշինեան այցելեց «Սուրմալու» տօնավաճառ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր առաւօտեան այցելած է «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի տարածք, ծանօթանալու որոնողափրկարարական աշխատանքներուն։

Փաշինեանը դէպքի վայրին մէջ դիմաւորած է Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանը։

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան ու հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, կառավարութեան ղեկավարին ուղեկցած են Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանը, Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամբուխչեանը, ԱԻՆ փրկարար ծառայութեան տնօրէն Արմէն Գասպարեանը, Տեսչական մարմիններու աշխատանքներու համակարգման գրասենեակի ղեկավար Արթուր Ասոյեանը:

Վարչապետ Փաշինեանին ներկայացուած են որոնողափրկարարական եւ հրդեհի մարման աշխատանքներու ընթացքը:

Յիշեցնենք, որ երէկ՝ 14 օգոստոսին, ժամը 13։23-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է պայթում։ Ըստ նախնական տուեալներու՝  տեղի ունեցած է պայթում՝ հրդեհի բռնկմամբ։ Պայթումի հետեւանքով կայ 6 զոհ, որոնցմէ մէկուն ինքնութիւնը պարզուած չէ։ Վիրաւոր է աւելի քան 60 մարդ, եւս 16-ը կը համարուի անհետ կորսուած: