image

Փաշինեան 6-րդ անգամն ըլլալով Մաքրոնը Հայաստան հրաւիրեց

Փաշինեան 6-րդ անգամն ըլլալով Մաքրոնը  Հայաստան հրաւիրեց

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը Ազգային տօնին առթիւ եւ 6-րդ անգամ ըլլալով հրաւիրած Հայաստան։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ վարչապետի մամուլի ծառայութիւնը։

Նշենք, որ մինչեւ այս Փաշինեան 5 անգամ եւս հրաւիրած էր Մաքրոնը Հայաստան`  21 դեկտեմբեր, 2024-ին, 14 յուլիս, 2024–ին, 14 յուլիս, 2023 ին, 25 ապրիլ 2022–ին եւ 13 յուլիս, 2022-ին։ Հրաւէրներէն որեւէ մէկուն Մաքրոն չէ արձագանգած։

«Պետական այցով այս տարի Հայաստանում Ձեզ հիւրընկալելու մեծ ակնկալիքով՝ ընդունէք, խնդրեմ, մեծարգոյ պարոն նախագահ, խորին յարգանքիս հաւաստիքը»,– ըսուած է Փաշինեանի շնորհաւորական ուղերձին մէջ։

Յիշեցնենք, որ Մաքրոն Հայաստան եղած է հոկտեմբեր 2018-ին։ Ան ժամանած էր Երեւան` մասնակցելու ՀՀ մայրաքաղաքին մէջ  կայացուող ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան (Ֆրանքոֆոն) գագաթնաժողովին։