image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ մէջ. Տ. Շնորհք Աբեղային վարդապետական աստիճան (Լուսանկար)

 Պոլսոյ մէջ. Տ. Շնորհք Աբեղային վարդապետական աստիճան (Լուսանկար)

Պոլսոյ Միաբանութեան անդամներէն՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանին օրերս վարդապետական աստիճան տրուած է։

 Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ Պատրիարքարանի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը

 

 Պատրիարքական Աթոռը այսօր, հաղորդագրութեամբ մը լաւ լուր մը ունի համայնքին։ Միաբանութեան անդամներէն Հոգշ.Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, որ շուրջ տասը տարի առաջ ձեռնադրուած էր որպէս կուսակրօն քահանայ, յառաջիկայ 30 Նոյեմբերին պիտի արժանանայ մասնաւոր վարդապետական աստիճանի։

Պատրիարքական Աթոռի լրատուութեան համաձայն, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան մասնաւոր վարդապետական աստիճան ստանալու համար Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր յանձնած էր իր «Կրօնական հանդէսներ եւ «Հայ Խօսնակ» ամսաթերթը իր նիւթերով» աւարտաճառը։

Նորին Ամենապատուութեան տնօրինութեամբ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբեղան աւարտաճառը ներկայացուց Պատկ. Կրօնական Ժողովի 14 Նոյեմբերի նիստին։

Հայր Սուրբը ներկայացուց Հայ համայնքի իրականութեան մէջ լոյս տեսած կրօնական պարբերաթերթերու մասին համառօտ տեղեկութիւններ եւ ապա անդրադարձաւ «Հայ Խօսնակ» պարբերաթերթի հիմնարկութեան եւ տասնեւքառամեայ հրատարակութեան շրջաններուն։ Յիշեցուց, որ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի նման տիտան դէմքեր յօդուածներ գրի առած են, որոնք կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը։

Յաւարտ ներկայացման, Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց կատարուած աշխատասիրութիւնը եւ արժանի համարեց Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանին շնորհելու մասնաւոր վարդապետութեան աստիճան։

Մեր Հոգեւոր Պետը անդրադառնալով կատարուած բծախնդիր աշխատութեան, շնորհաւորեց Հայր Սուրբը եւ թելադրեց որ աշխատասիրութիւնը ապագային հրատարակութեան փուլին հասնի։

Յառաջիկայ 30 Նոյեմբեր 2024, Շաբաթ, յետ երեկոյեան ժամերգութեան, ձեռամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր պիտի կատարուի մասնաւոր վարդապետական աստիճանի տուչութեան արարողութիւնը, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։