Փարիզի Օպերվիլիէ արուարձանին մէջ գտնուող բնակելի շէնքի մէջ պայթումի եւ անոր յաջորդած հրդեհի հետեւանքով տուժած է 22 մարդ, որոնցմէ 19-ն ստացած են թեթեւ վնասուածքներ, 3-ը ծանր վիճակի մէջ:
Անոնց տուեալներով` պայթումը տեղի ունեցած է Ուրբաթ առաւօտեան` մօտաւորապէս ժամը 5:30-ին (Երեւանի ժամանակով 8:30-ին): Պայթումէն յետոյ չորսյարկանի բնակելի շէնքին մէջ հրդեհ բռնկած է: Դէպքի վայր ժամանած հրշէջները կրցած են կրակը արագ մարել:
Փարիզի հրշէջները Թուիթըրով հաստատած են, որ Օպերվիլիէ «պայթում» տեղի ունեցած է եւ տեղի բնակիչներուն յորդորած են խուսափիլ դէպքի վայրը գտնուելէ: