image

Փարիզի մէջ. «Նոր Յառաջ» փրկելու միտուած ճիգերը կը շարունակուին. Տեղի ունեցած է  զօրակցական հանդիպում  

Փարիզի մէջ. «Նոր Յառաջ» փրկելու միտուած ճիգերը կը շարունակուին. Տեղի ունեցած է  զօրակցական հանդիպում  

Ինչպէս «Արեւելք» նախապէս անդրադարձած էր, այս օրերուն, Փարիզի «Նոր Յառաջ»ը յայտնուած է լուրջ տագնապի մը առջեւ։

Այդ տագնապի պատճառներու վերհանման եւ խնդրի ան­մի­ջական լու­ծում գտնելու նպատակով, օրերս, Փարիզի մէջ կայացած է «Նոր Յառաջ»-ի զօրակցութեան հանրային հանդիպում՝ «Շա­րու­նա­կե՞լ, թէ՞ դադ­րեցնել» խորագրի ներքոյ, որուն մասնկացած են թերթին ապա­գայով հե­տաքրքրուած խումբ մը հայրենակիցներ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Հոկտեմ­բեր 4-ին, Հայ կա­թողի­կէ հա­մայնքի Փա­րիզի աթո­ռանիստ Ս. Խաչ եկե­ղեց­ւոյ դահ­լի­ճին մէջ՝ «Շա­րու­նա­կե՞լ, թէ՞ դադ­րեցնել» հան­րա­յին հան­դի­պու­մին ներ­կայ էին «ՆՅ»-ի ապա­գայով հե­տաքրքրուած 40 մաս­նա­կից­ներ։ 

Երեկոյթին բացումը կատարեց Հայ կա­թողի­կէ հա­մայնքի Փարիզի ծուխի մշա­կու­թա­յին բաժ­նի պա­տաս­խա­նատու Համ­բիկ Թա­լաթի­նեան, նշե­լով որ հա­ւաքուած են որով­հե­տեւ «ՆՅ» նիւ­թա­կան տագ­նա­պի մէջ կը գտնուի, որուն հա­մար պէտք է լու­ծումներ որոնել։ Ան կարդաց փրոֆ. Ժե­րար Տէ­տէեանի՝ «ՆՅ»-ի զօ­րակ­ցութեան նա­մակը։ 

«ՆՅ»-ի անու­նով խօսք առաւ Ժի­րայր Չո­լաքեան, որ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց թեր­թին հրա­ւէրին ըն­դա­ռաջած ներ­կա­ներուն ու նշեց. “առա­ջին ան­գամ չէ որ մա­մու­լի տագ­նապ գո­յու­թիւն կ՚ու­նե­նայ։ Ան­ցեալին՝ 2009-ին, «Յա­ռաջ»-ի մէջ լոյս տե­սաւ թեր­թի հրա­տարա­կու­թեան դադ­րեցման լու­րը. խմբագրապետուհի Ար­փիկ Մի­սաքեան տագ­նա­պի մէջ էր, խմբագ­րա­կան կազ­մը տագ­նա­պի մէջ էր, ըն­թերցող­նե­րը տագ­նա­պի մէջ էին եւ հա­մայնքը տագ­նա­պի մէջ էր։ Այս իրո­ղու­թեան ակա­նատես եղած ըլ­լա­լով, նա­խատե­սեցինք հան­րա­յին այս հան­դի­պու­մը կազ­մա­կեր­պե­լ։ Թէեւ «Յա­ռաջ»-ի պա­րագա­յին՝ որոշումը կայացնողը Ար­փիկ Մի­սաքեանն էր, սա­կայն հա­ւաքա­կան տագ­նապ մըն էր։ Ներ­կա­յիս ալ որո­շում կայացնո­ղը թեր­թի վար­չութիւ­նը պի­տի ըլ­լայ, սա­կայն հա­մայնքը, ըն­թերցող­նե­րը կրնան թե­լադ­րել, լու­ծումներ առա­ջար­կել փրկե­լու հա­մար կա­ցու­թիւնը։ Ըն­թերցող­ներն են որ ապ­րե­ցու­ցած են թեր­թը իրենց բա­ժանոր­դագրու­թեամբ, ըն­թերցու­մով եւ այ­սօր այս ժո­ղովին ներ­կա­ները եկած են մաս­նակցե­լու հա­ւաքա­կան խորհրդա­ծու­թեան, առա­ջար­կներ կա­տարե­լու”։

Ժ. Չո­լաքեան անդրա­դար­ձաւ տագ­նա­պի բազ­մա­զանու­թեան. “«Նոր Յա­ռաջ»-ի դի­մագ­րա­ւած տագ­նա­պը բազ­մա­շերտ է՝ քա­ղաքա­կան է, մշա­կու­թա­յին է, տնտե­սական է, մարդկա­յին է, սերնդա­փոխու­թեան կ՚առնչուի, ար­հեստա­գիտա­կան է եւ ռազ­մա­վարա­կան է։ Վեր­ջա­պէս հա­յու­թեան լի­նելու­թեան կ՚առնչուի։ Մա­մու­լը, տե­ղեկա­տուա­կան հա­մակար­գը միշտ առա­ջին դիր­քի ար­տա­յայ­տիչն են հա­ւաքա­կանու­թեան մը ինքնու­թեան դրսե­ւորու­մին, անոր ներ­քին հա­կասու­թիւննե­րուն ու յա­ջողու­թիւննե­րուն, զա­նազան մարտնչումնե­րուն։

«ՆՅ»-ի ներ­կայ տագ­նա­պը հետեւանք է, գլխա­ւորա­բար, Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­կան տագ­նա­պին բե­րու­մով հայ հա­սարա­կու­թեան երկփեղ­կումին ու անոր՝ մինչեւ Սփիւռք երկարաձգումին, բայց նաեւ ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր նոր սփիւռքնե­րու գո­յացու­մով արեւմտա­հայ Սփիւռքի տե­ղատ­ւու­թեան։ 

«ՆՅ»-ի տագ­նա­պը ան­կիւնա­դար­ձա­յին երե­ւոյթ է հայ­կա­կան լրա­տուա­կան դաշ­տին մէջ։ Որով­հե­տեւ ան հա­զուա­գիւտ այն լրաս­փիւռնե­րէն է որ դեռ լոյս կը տես­նէ իբ­րեւ օրա­թերթ (եր­կօ­րեայ), հիմ­նա­կանա­պէս արեւմտա­հայե­րէնով, դա­սական ուղղագ­րութեամբ եւ ան­կախ է կու­սակ­ցա­կան պա­տկա­նելիու­թե­նէ։ Ինչպէս ան­ցեալին «Յա­ռաջ»-ի պա­րագա­յին, «ՆՅ»-ի պա­րագա­յին ալ, ան­կախ մա­մու­լի տագ­նա­պը աւան­դա­կան Սփիւռքի դի­մագ­րա­ւած հար­ցե­րու ցու­ցիչն է։ Նկա­տի առ­նե­լով հա­մաշ­խարհայ­նացման գոր­ծընթաց­նե­րը, ուր հա­յու­թիւնը փոք­րա­մաս­նութիւն է, իսկ արեւմտա­հայ սփիւռքա­հայու­թիւնը՝ փոք­րա­մաս­նութեան մը փոք­րա­մաս­նութիւ­նը, ար­դեօք պէտք կա՞յ սփիւռքա­հայ լրա­սփիւռի։ Ազ­գա­յին շա­հերէ մեկ­նած պէտք կա՞յ ազատ մա­մու­լի, ան­կախ մտա­ծու­մի ձայ­նին, տեղ պէ՞տք է յատ­կացնել ար­տա­յայ­տութեան բազ­մա­զանու­թեան։

Մամ­լոյ գո­յու­թիւնը քա­ղաքա­կան քայլ է, քա­ղաքա­կան գի­տակ­ցութեան ար­դիւնք, հա­մայնքի ան­դամնե­րուն իրա­րու հետ հա­ղոր­դակցութեան, հա­մայնքա­յին կեան­քի կեն­սունա­կու­թեան նպաս­տե­լու մի­ջոց։

Գլխա­ւոր խնդի­րը որ ան­մի­ջական լու­ծումի կը կա­րօտի՝ ինչպէ՞ս դի­մանալ, ինչպէ՞ս շա­րու­նա­կել։ Շա­րու­նա­կել՝ դեռ որ­քան ժա­մանակ, ինչպի­սի՞ ապա­հովու­թեամբ։ Դադ­րեցնել՝ ի՞նչ հե­տեւանքնե­րով։ Լրա­տուա­կան բնա­տիպը որ ստեղ­ծած ենք, հիմ­նուած է տպա­գիր թեր­թի հրա­տարա­կու­թեան վրայ։ Վե­րանո­րոգուելու կա­րիք ու­նի, երի­տասար­դա­կան շունչի կը կա­րօտի։ Միայն տպա­գիրով կա­րելի չէ ճամբան շա­րու­նա­կել։ Մի­ջազ­գա­յին լրա­տու դաշ­տը բազ­մա­զան է, ինչպէ՞ս քայլ պա­հել նո­րարա­րու­թեան հետ։ Հայ­կա­կան լրա­տու դաշ­տի մէջ հա­յաս­տա­նեան լրա­տու միջոց­նե­րը կ՚օգ­տուին մի­ջազ­գա­յին նպաստնե­րէ, որ­մէ զուրկ է սփիւռքեանը։ Ինչպէ՞ս գո­ցել այդ բա­ցը։

Հա­յաս­տանն ու Սփիւռքը կը դի­մագ­րա­ւեն գո­յու­թե­նական մար­տահրա­ւէր­ներ, որուն մէջ մա­մու­լը իր դե­րակա­տարու­թիւնը ու­նի։ Ժա­մանակ­նե­րը փո­խուած են, բնա­կանա­բար լրատ­ւութեան օրէնքնե­րը եւս փո­խուած են, տե­ղեկատ­ւութեան եւ հա­ղոր­դակցու­թեան նոր մի­ջոց­ներ ի յայտ եկած են, որոնք ան­դա­դար նոր ներդրում կը պա­հան­ջեն։ Նոր մաս­նա­գիտու­թեամբ զի­նուած անձնա­կազմ։

Թէ ի՞նչ փո­խուե­ցաւ «ՆՅ»-ի գո­յու­թեան 15 տա­րինե­րու ըն­թացքին՝ շատ բան։ Քա­ղաքա­կան դաշ­տի մէջ, Հա­յաս­տա­նի պա­րագա­յին՝ ցնցումնե­րը հո­գեբա­նական մեծ եւ ան­դառնա­լի հե­տեւանքներ ու­նե­ցան՝ 2009-ին Թուրքիոյ հետ հաշ­տութեան դա­շինքի կնքու­մի ձա­խող փոր­ձէն մին­չեւ Ար­ցա­խի ցե­ղային զտում։ Սերժ Սարգսեանի իշ­խա­նու­թեան տա­պալու­մը եւ Փա­շինեանի իշ­խա­նու­թեան գա­լը։ Հա­մաշ­խարհա­յին ճա­կատին վրայ Արա­բական գա­րուն, Լի­բանա­նի սնան­կա­ցում, Պսա­կաձեւ ժահր… Ուքրաինա­յի վրայ Ռու­սա­ստա­նի յար­ձա­կում, Իս­րա­յէլ-Պա­ղես­տին ցե­ղաս­պա­նական ոճիր­ներ… եւ այս բո­լորը իրենց հե­տեւան­քը ու­նե­ցան Հա­յաս­տան-Սփիւռք յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն մէջ։ Այս բո­լորը հե­տեւանք ու­նե­ցան նաեւ «ՆՅ»-ի համար, այն աս­տի­ճանի, որ թեր­թին խմբագ­րա­կան ուղիին չհա­մակ­րող ըն­թերցող­ներ եւ հո­վանա­ւոր­ներ դադ­րե­ցու­ցին իրենց բա­ժանոր­դագրու­թիւնն ու օգ­նութիւ­նը։ Շա­րու­նա­կելու հա­մար պէտք ու­նինք զօ­րաւոր յե­նարա­նի կամ յե­նարան­նե­րու, որ հա­կառակ մի­ջազ­գա­յին ու ազ­գա­յին տագնա­պալի պայ­մաննե­րու, կա­րելի է դի­մակա­յել”։

Հան­դի­պու­մի երկրորդ բա­ժինը յատ­կա­ցուած էր առա­ջարկնե­րու եւ դի­տար­կումնե­րու. եղան գործնա­կան առա­ջարկներ, տագ­նա­պին ան­մի­ջական լու­ծում գտնե­լու հա­մար, ժա­մանակ շա­հելու՝ աւե­լի եր­կա­րաժամ­կէտ լու­ծումնե­րու յան­գե­լու հա­մար.

– «ՆՅ»-ի բա­րեկամ­նե­րու ըն­կե­րակ­ցութիւն մը հիմ­նել, դրա­մահա­ւաքի դի­մելու հա­մար, տա­րեկան հա­րիւր հա­զար եւ­րօ հա­նգանակե­լու նպա­տակով։

– Բա­ժանոր­դագրու­թեան սա­կը բարձրաց­նել, նկա­տի առ­նե­լով նա­մակա­տարի, թուղթի, մե­լանի, ելեկտրա­կանու­թեան ու մար­դուժի վարձատրութեան տա­րինե­րու եր­կայնքի սղա­ճը։

– «ՆՅ»-ի զօ­րակ­ցութեան մտա­ւորա­կան մար­մին մը կազ­մել, որ ան­ձեռնմխե­լի հիմ­նադրամ մը հաս­տա­տէ, թերթին տա­րեկան կա­յուն նպաստ հայ­թայթե­լու համար։

Եղան նաեւ այլ առա­ջարկներ՝ 

– եր­կօ­րեան շա­բաթա­թեր­թի վե­րածե­լու, 

– արե­ւելա­հայե­րէն բա­ժին մը աւելցնե­լու, 

– «ՆՅ»-ի նախ­կին թի­ւերը թուայ­նացնե­լու եւ այլն…

Սոյն հան­դի­պու­մին ներ­կա­ները պնդե­ցին, որ ան­պայման պէտք է շա­րու­նա­կել «ՆՅ»-ի հրա­տարա­կու­թիւնը։ Կար­ճա­ժամ­կէտ եւ եր­կա­րաժամ­կէտ լու­ծումներ անհրա­ժեշտ են։ Հարց տրուեցաւ թէ ի՞նչ գու­մա­րի կա­րիք կայ. կար­ճա­ժամ­կէտ կար­իքները դի­մագ­րա­ւելու հա­մար՝ տա­րեկան հա­րիւր հա­զար եւ­րօ։ Ներ­կա­ներէն Նոր­վան Սրբա­զան, յայտնեց որ կարելի է առանց դժուարութեան այդ գումարը հանգանակել, որուն համար պէտք է մարմին մը ստեղծել։

 

Թ. Շ.