Փաքիստանի վարչապետ Շեհպազ Շարիֆը, որուն երկիրը միջնորդի դեր կը կատարէր Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ, յայտարարած է, որ կողմերը Յունիս 19-ին համաձայնագիր պիտի ստորագրեն Զուիցերիոյ մէջ։
«Լարուած եւ խորքային բանակցութիւններէ ետք, ուրախ ենք յայտարարելու, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան համաձայնութիւն ձեռք բերուած է։ Երկու կողմերն ալ յայտարարած են բոլոր ճակատներուն վրայ, ներառեալ Լիբանանը, ռազմական գործողութիւններու անյապաղ եւ մշտական դադրեցման մասին։
Պաշտօնական ստորագրութեան արարողութիւնը պիտի կայանայ Յունիս 19-ին՝ ուրբաթ օր, Զուիցերիոյ մէջ»,– X-ի իր էջին վրայ գրած է Շարիֆը։
Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներուն եւ Իրանին՝ հակամարտութեան դիւանագիտական լուծում գտնելու յանձնառութեան համար։ Միջնորդական ջանքերուն մէջ ունեցած ներդրումին համար ան շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ Քաթարին, Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ։
«Քանի որ համաձայնութիւնը արդէն ձեռք բերուած է, միջնորդները այս շաբաթ պիտի կազմակերպեն շարք մը հանդիպումներ։ Իրականացման նախապատրաստական այս քննարկումները հիմք պիտի ծառայեն բանակցութիւններուն եւ պաշտօնական ստորագրութեան արարողութեան համար»,– նշած է ան։