image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութը Կրնայ «Թաղուիլ» Աղբերու Տակ (Լուսանկարներ)

Պէյրութը  Կրնայ «Թաղուիլ» Աղբերու  Տակ  (Լուսանկարներ)

Պէյրութի եւ շրջակայ արուարձաններու աղբի   խնդիրը կը մնայ անլոյծ: Մինչ քաղաքացիական   խմբաւորումներ   մայրաքաղաքի տարբեր   մայրուղիները կը  փակեն  անդին կառավարութիւնը     ճիգեր կ'իրականացնէ աղբահանութեան խնդրին լուծում մը տալու նպատակով:   Նշենք, որ քաղաքացիական    միաւորումներ դժգոհ են կառավարութեան  որդեգրած  լուծումներու  փաթեթէն եւ  այդ լուծումները կը   համարեն անընդունելի   ու     վնասակար:  Երէկ  երեկոյեան  համացանցի ճամբով   տարածուեցան լուսանակարներ, ուր յստակօրէն կ'երեւի  պատասխանատու մարմիններուն   անճարակութիւնը:    Մարմինները յարմար նկատած են  Պէյրութի տարբեր շրջաններուն մէջ կուտակուած «մեծաքանակ»   աղբերը լեցընել Քարանթինա շրջանին մէջ գտնուող  բացօթեայ կառատան մը մէջ ինչպէս նաեւ Պէյրութի  «չորցած»   գետին  հունին մէջ:    Այսօր   վարչապետ Սալամի կառավարութիւնը արտակարգ նիստ պիտի կայացնէ այս խնդրին լուծումներ որոնելու համար: Միաժամանակ կը սպասուի, որ քաղաքացիական աքթիւիսթներ նոյն ժամերուն իրենց բողոքի ցոյցերը սաստկացնեն:  Տակաւին կը խօսուի, որ աղբի տագնապը կրնայ  ներսէն «պայթեցնել» կառավարութիւնը:Տխուր փաստ է Լիբանանի  համայնքային երկիր ըլլալու  իրականութիւնը: Տխուր է նաեւ, որ նոյնիսկ տարրական  աղբահանութեան խնդիրը  դարձած է սակարկութեան  թեմա: Լիբանանցի քաղաքացիին  ձայնը լսող չկայ: Կրնայ  ամբողջ Պէյրութը  աղբի տակ «թաղուիլ» միայն, թէ համայնքներուն ու անոնց շուրջ գործող  «ագարակներուն»  շահերը  չտուժեն: