image

Պէյրութի մէջ. Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահը այցելեց՝ ՀՅԴ կեդրոն

Պէյրութի մէջ.  Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահը այցելեց՝ ՀՅԴ կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընդունած է հայանպաստ իր կեցուածքներով յայտնի Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահ եւ Սպանիոյ խորհրդարանի անդամ Հանա Ժալլուլը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պէյրութի «Ազդակ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ ՝

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահ եւ Սպանիոյ խորհրդարանի անդամ Հանա Ժալլուլը` ներկայութեամբ Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեանի:

Ժալլուլ թէ՛ Ընկերվար միջազգայնականի եւ թէ՛ Սպանիոյ խորհրդարանին մէջ ծանօթ է հայանպաստ իր կեցուածքներով եւ մաս կը կազմէ իշխող կուսակցութեան:

Լիբանանեան քաղաքական կողմերուն իր կատարած այցելութեանց ծիրին մէջ, այս հանդիպումին քննարկուեցաւ լիբանանեան թատերաբեմին անցուդարձերը, Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումները, պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման հարցը, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի գաղթականներու պարզած վիճակը, ի տես կարգ մը պետութիւններու ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի նկատմամբ իրենց նիւթական յատկացումներուն դադրեցումը:

Հանդիպումին ընթացքին լայն քննարկումի արժանացան Արցախի խնդիրը եւ արցախցի գաղթականներու վերադարձի հրամայականը, միջազգային եւ ազատ ինքնորոշման իրաւունքներու հիմունքով:

Երեսփոխան Ժալլուլ մօտէն ծանօթացաւ Լիբանանի հայ համայնքին մէջ աշխատող կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: