Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ վարժարանի աշակերտուհի Գարմէն Եագուպ երկրորդ տեղը գրաւած է՝ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիայի կազմակերպած միջ-դպրոցական նկարչական մրցումին:
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Մեսրոպեան Վարժարանի դիմատետրեան խումբէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Մեսրոպեանի աշակերտուհի Գարմէն Եագուպ պատուաբեր երկրորդ մրցանակը ստացաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիայի կազմակերպած միջ-դպրոցական նկարչական մրցումին:
Կը շնորհաւորենք Գարմէնը եւ կը մաղթենք, որ ան զարգացնէ իր նկարչական ձիրքը, առ ի զարգացում իր անձին եւ արուեստին: