image

Պէյրութի մէջ. Մահացած է նուիրեալ հայուհի ՝Լենա Գասարճեան֊Եարտմեանը

Պէյրութի մէջ. Մահացած է նուիրեալ հայուհի ՝Լենա Գասարճեան֊Եարտմեանը

Պէյրութի մէջ իր մահանացուն կնքած է հայկական համայնքի նուիրեալ անդամներէն՝ ՝Լենա Գասարճեան֊Եարտմեանը։

 Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալը քոյրն է Լիբանանեան Խորհրդարանի հայազգի նախկին անդամներէն, ՌԱԿ եւ ԹՄՄ-ի պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած՝ Տիար Յակոբ Գասարճեանին։

 

 Պէյրութի մէջ իր մահանացուն կնքած է հայկական համայնքի նուիրեալ անդամներէն՝ ՝Լենա Գասարճեան֊Եարտմեանը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։

Նշենք, որ հանգուցեալը անդամ էր Լիբանանի մէջ գործող 

«Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբում»ին, որ նոյնպէս գուժած է անոր մահը։ 

Միութիւնը այս առթիւ հրապարակած է կարճ մահագրութիւն մը, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

 «Խոր վիշտով կը գուժենք մահը մեր սիրելի, բարեպաշտ, երկարամեայ անդամուհիներէն՝ Տիկին Լենա Եարտմեանի մահը, որ պատահեցաւ Պէյրութի մէջ, 12 Մարտ 2023֊ին առաւօտեան ժամերուն։ 

Տիկին Լենան ամուսնացած է Լիբանանի մէջ հանրածանօթ Պարոն Հայկազ Եարտմեանի հետ ու ապրած 57 համերաշխ տարիներ։ Ունեցած են երկու զաւակ՝ Հրաչ և Գարլա, որոնք եղած են մեծապէս յաջող իրենց կեանքին մէջ։

 Ան նուիրուածութեամբ եւ անվերապահօրէն երկար տարիներ շարունակած է իր անդամակցութիւնը Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին։ Ան 45 տարուայ ծառայութեան յուշանուէրի պիտի արժանանար այս տարի։ Հանգուցեալը Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին հանդէպ անսահման հաւատք և խորունկ սէր ունեցած է ինչպէս նաև՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ անսասանութեան։

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ անոր ընտանեկան պարագաներուն՝ համայն Եարտմեան, Գասարճեան,ընտանիքներուն։

Հանգուցեալ Լենային պերճախօս, ժպտուն և միշտ դիմացինին օգտակար բարեպաշտ կնոջ յիշատակը անթառամ պիտի մնայ մեր բոլորին սրտերուն մէջ։ 

Աստուած հոգին լուսաւորէ։

Խունկ և աղօթք իր յիշատակին»։

 

 Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալը քոյրն է Լիբանանեան Խորհրդարանի հայազգի նախկին անդամներէն, ՌԱԿ եւ ԹՄՄ-ի պատասխանատու պաշտօններ վարած Տիար Յակոբ Գասարճեանին։