image

Պէյրութի մէջ. Լոյս տեսած է Արցախեան գոյապայքարի հերոսներէն՝ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակ պանծացող հատոր (Լուսանկար)

Պէյրութի մէջ.  Լոյս  տեսած է Արցախեան գոյապայքարի հերոսներէն՝ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակ պանծացող հատոր (Լուսանկար)

Օրերս Պէյրութի մէջ լոյս տեսած է Արցախեան գոյապայքարի անմահանուն հերոսներէն՝ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակը պանծացնող հատոր մը։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն։

 Կը նշուի, որ գիրքը  (Հատորը  հրապարակուած է Համազգայինի  Վահէ Սէթեան  հրատարակչատան  կողմէ)նախաձեռնութիւնն է Մհեր Ջուլհաճեանի հարազատներուն եւ կը  վայելէ  հովանաւորութիւնը Լիբանանի Թեմի Առաջնորդարանի Ուսումնական Խորհուրդին։Գիրքը կը մէկտեղէ Լիբանանի մէջ աւանդոյթ դարձած «Մհեր Ջուլհաճեանի  աշակերտական շարադարական մրցանք»ին մէջ իրենց ուրոյն տեղը գրաւած գրութիւնները։

 Կը նշուի նաեւ, որ հատորի լոյս ընծայման մասին տեղի պիտի ունենայ գիրքի շնորհանդէսը, որուն մասին «Արեւելք» անդրադառնալու է յետագային։

 Մհեր Ջուլհաճեան իր տեսակով, մտածողութեամբ ու մանաւանդ Դաշնակցական զինուորեալի նուիրուածութեամբ իր ուրոյն տեղն ու դերը ունեցած է Արցախեան պայքարի մեծ հոլովոյթին մէջ։