Օրերս, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Լիզա Ճոնսըն Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ բացումը կատարած է «Յոյսի թելեր» ցուցահանդէսին, ուր կը ցուցադրուին նաեւ հայազգի գեղանկարիչներու գործերը։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պէյրութի «Ազդակ»էն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝
20 յունիս 2024-ին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Լիզա Ճոնսըն Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ բացումը կատարեց «Յոյսի թելեր» ցուցահանդէսին:
Դեսպանը նախապէս անձամբ այցելած էր Պէյրութի հանրայայտ ցուցասրահներ, ինչպէս` «Արթ սին», «Սալըհ Պարաքաթ», «Մարք Հեշըմ» ցուցասրահներ եւ ընտրած` լիբանանցի 16 արուեստագէտներու 68 գործեր:
Ընտրուած 16 արուեստագէտներու խումբին մաս կազմեցին երկու լիբանանահայեր` ճարտարագէտ եւ գեղանկարիչ Քրիստ Իսկէնտէրեան, որուն գործերէն դեսպանը զատած է չորս գեղանկար, եւ Փոլ Կիրակոսեան հիմնարկի տնօրէն, արուեստագէտ Մանուէլլա Կիրակոսեան, որուն գործերէն զատած է երկու գեղանկար:
Ցուցահանդէսին հրաւիրուած էին 16 արուեստագէտներն ու ցուցասրահներու տնօրէնները. դեսպանին կողքին ներկայ էին նաեւ դեսպանատան անձնակազմէն ներկայացուցիչներ:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Քրիստ Իսկէնտէրեան ըսաւ, որ իր «Կակաչներ» գեղանկարին մէջ կ՛արտացոլայ դեսպանին ծրագրի «Յոյսի թելեր» թեման` իր վառ ու բազմազան գոյներով, խորհրդանշելով վերակենդանացում եւ դրականութիւն:
«Կակաչները բռնած վերացական կերպարները կը ներկայացնեն միասնութիւն եւ փոխադարձ աջակցութիւն` համահունչ յոյսի գաղափարին` իբրեւ միաւորող թելի: Ծաղիկներ նուիրելը կ՛առաջարկէ հնձել ու բաժնեկցիլ յոյսը` զայն դարձնելով համապատասխան կտոր «Ambassador Art Loan» ծրագրի համար», ըսաւ ան` շնորհակալութիւն յայտնելով դեսպանին այդ ոգեշնչող նախաձեռնութեան եւ արուեստի միջոցով միասնութիւնը խթանելուն համար:
Աւարտին ան դիտել տուաւ, որ կակաչները դարերու ընթացքին կապուած են սիրոյ իմաստի հետ, ուստի «իմ կակաչները այստեղ են սէր տարածելու համար»:
Դեսպան Լ. Ճոնսընի կեցավայրը հարստացուցած գեղանկարները, քանդակներն ու լուսանկարները պիտի ցուցադրուին մինչեւ ապրիլ 2025: