image

Պէյրութի մէջ. Հակառակ ծանր պայմաններուն մեծ շուքով տեղի ունեցած է Մեսրոպեան Վարժարանի Սուրբ Ծննդեան Տօնածառի լուսաւորման աւանդական հանդիսութիւնը

 Պէյրութի մէջ. Հակառակ ծանր պայմաններուն մեծ շուքով տեղի ունեցած է Մեսրոպեան Վարժարանի  Սուրբ Ծննդեան Տօնածառի լուսաւորման աւանդական հանդիսութիւնը

Լիբանանի անցեալ պատերազմական օրերէն դուրս գալու այս ժամանակահատուածին, երբ սիրտերն ու հոգիները նոր սկսած են վերականգնիլ տագնապներէն, Տօնածառի լոյսերը եկան ներկաներուն հաղորդելու յոյսի եւ նոր սկիզբի պատգամներ․ անոնք յուշեցին, թէ խաղաղութիւնը կարելի է կառուցել համերաշխութեան, փոխադարձ սիրոյ եւ հաւատքի հիման վրայ։ Հանդիսութիւնը հոգեպէս ուժ տուաւ բոլորին՝ ներշնչելով ապագայի նկատմամբ հաւատքի զգացում՝ յանուն խաղաղ եւ ապահով Լիբանանի։

 

2 Դեկտեմբեր 2024 -ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան Տօնածառի լուսաւորման աւանդական եւ հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Այս գեղեցիկ ձեռնարկը, որ ամէն տարի կը միաւորէ Մեսրոպեանի ընտանիքը՝ ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ ծնողներ, այս անգամ յատուկ խորհուրդ մը կրեց՝ Լիբանանի ապրած տագնապալի ժամանակներուն եւ նոր յոյսերու զարթնումին բերումով։

Հանդիսութեան բացումը կատարեցին Բարձրագոյն եւ Արուեստից վարժարաններու աւարտական աշակերտուհիներ Լէա Քէշիշեան եւ Մարիլին Հաւանճեան։ Ներկայ էին Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Սահակ վարդապետ Քէշիշեան եւ Տէր Ռաֆայէլ քահանայ Ժաուհարժի։ Խօսք առին օրուան պատգամախօս, Ճինիշեան հաստատութեան տնօրէն տիկին Քրիսթին Դանիէլեան Սարգիսեան եւ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ։

Տիկին Սարգիսեան բացատրեց տօնածառին խորհրդանիշները՝ նշելով, որ ան Սուրբ Ծննդեան լոյսին եւ յոյսին խարիսխն է, որ մեզ կը յիշեցնէ Աստուծոյ սիրոյ անսպառ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ։ Պարոն Գալուստ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ տօնածառին լոյսերը կը խորհրդանշեն խաղաղութեան եւ միասնութեան նուիրական մաղթանքները, որոնք այժմ շատ անհրաժեշտ են մեր ընկերութեան համար։ Ան դիտել տուաւ, որ Սուրբ Ծննդեան տօնին նախօրեակին Տօնածառին տակ մսուրի մէջ յատուկ արարողութեամբ պիտի տեղադրուի Յիսուս Մանուկի արձանը, որ պիտի գայ ամբողջացնելու կատարուածին իմաստն ու խորհուրդը։

Լիբանանի անցեալ պատերազմական օրերէն դուրս գալու այս ժամանակահատուածին, երբ սիրտերն ու հոգիները նոր սկսած են վերականգնիլ տագնապներէն, Տօնածառի լոյսերը եկան ներկաներուն հաղորդելու յոյսի եւ նոր սկիզբի պատգամներ․ անոնք յուշեցին, թէ խաղաղութիւնը կարելի է կառուցել համերաշխութեան, փոխադարձ սիրոյ եւ հաւատքի հիման վրայ։ Հանդիսութիւնը հոգեպէս ուժ տուաւ բոլորին՝ ներշնչելով ապագայի նկատմամբ հաւատքի զգացում՝ յանուն խաղաղ եւ ապահով Լիբանանի։

Այս առիթով, Մեսրոպեանի աշակերտներ հնչեցուցին Սուրբ Ծննդեան նուագներ ու երգեր, առ ի փառաբանութիւն սիրոյ եւ խաղաղութեան, որուն մարմնաւորումը եղաւ Տէր Յիսուս Քրիստոս։