Այս օրերուն, երբ յատկապէս Հայաստանի մէջ կը նշուի Վահան Տէրեանի ծննդեան 140-ամեակը, յաճախ Դիմատետրի վրայ գրական վերլուծումներ եւ կենսագրական մանրամասնութիւններ կը գտնենք իր մասին, բնականաբար, իւրաքանչիւր անհատ, որ շփում ունեցած է իր գրականութեան հետ, թէկուզ դպրոցական մակարդակի, կը զգայ, որ Տէրեանէն տող մը քերթուած մը, միշտ անթեղուած կը մնայ իր մէջ եւ յանկարծ կը բոցկլտայ:
Առաջին անգամ Պուրճ Համուտի Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական վարժարանին մէջ դասընկերներուս հետ «հանդիպեցանք» Տէրեանին: Եթէ չեմ սխալիր`ութերորդ կամ իններորդ կարգի դասագիրք ընտրուած էր Սիմոն Սիմոնեանի «Արեւելահայ գրականութիւն»-ը: Անշուշտ իբրեւ դասագիրք չէր պատրաստուած այդ բազմահարիւր էջերով գործը եւ ճիշդ ընտրութիւն չէր իբրեւ այդպիսին, սակայն առիթ կու տար քանի մը գրասէր տղոց աւելի մօտէն ծանօթանալու կարգ մը արեւելահայ տաղանդներու: Իսկ դասընկերներէս մէկը, չեմ գիտեր ինչո՞ւ, կը սիրէր Տէրեանի կարգ մը տխուր տողերը շարունակ արտասանել. «Իմ գերեզմանին դուք չմօտենաք, / հարկաւոր չէ ինձ ոչ ծաղիկ, ոչ սուգ. / յանկարծ կը զարթնի ջերմ լալու փափաք, / սիրտըս չի գտնի ոչ մի արտասուք»:
Անշուշտ անհասկնալի էր տասնհինգ տարեկան տղու մը բերնէն լսել նման տողեր, սակայն Տէրեանի տաղերուն հմայքն էր, որ կը գործէր կամ երգել կու տար. «Պտտուիր, պտտուիր, կառուսել, / ես քո երգը վաղուց եմ լսել…»:
Աւելի ուշ, երբ քերթողութիւնը յաճախանք ու կիրք կը դառնար ինծի եւ ինծի պէս բանաստեղծութիւն մրոտող տղոց համար, որքան հայ գրականութենէն Մեծարենցն ու Վարուժանը կը ներշնչէին ու դպրոց էին մեզի համար, նոյնքան Տէրեանն ու Չարենցը նոյն դերը կը խաղային: Ասոնցմէ Մեծարենցն ու Տէրեանը, Խորհրդապաշտ դպրոցէն իրենց կրած ազդեցութեան տակ, պատկերային մտածողութեամբ եւ երաժշտականութեամբ յատկանշուող իրենց օրերուն համար իսկապէս ստեղծած էին թարմ բանաստեղծութիւններ, որոնք թէ՛ շփոթ, թէ՛ հմայք յառաջացուցած էին հայ ընթերցողին քով, ուր ինքնատիպ համեմատութիւններով ու փոխաբերութիւններով շլացուցիչ, բայց ճշգրիտ պատկերային աշխարհ մը կը բացուէր իրենց դիմաց: Տակաւին բաղաձայնոյթներու գեղեցիկ օգտագործումը. ո՞վ կրնայ այս իմաստով մոռնալ Մեծարենցի «Սիրերգ»-ին առաջին տունը կամ Տէրեանի «Շշուկ ու շրշիւն»-ը. «Անտես ու յուշիկ իմ շուրջը շրջում / եւ շշնջում ես եւ անոյշ շրջում, / պայծառ տրտմութեամբ ինձ ես անրջում / ու գաղտնի սիրով սիրում ու յիշում»: Զարմանալի զուգադիպութեամբ մը երկուքն ալ կանուխ կը մահանային թոքախտէ:
Տէրեանի դերը անշուշտ շատ աւելի մեծ է` արեւելահայ բանաստեղծութեան բերած իր կենսական նպաստով: Փաստօրէն ինքն է որ իսկական քերթողութեան յղացքը յստակացուց մեր գրականութեան արեւելահայ թեւին մէջ, ուր աւելի շատ աշուղական գրականութեան մօտ բանաստեղծութիւն մը կը մշակուէր: Տէրեան կը հարցադրէր քերթողութեան յղացքը, վանկային բանաստեղծութեան դիմաց շեշտային քերթողութիւնը կը փորձարկէր` առաջինն ըլլալով այս մարզին մէջ: Առաւել, ոչ միայն բանաստեղծութեան յանգը տողի վերջաւորութեան կու գար, այլեւ ներքին յանգը կ՛օգտագործուէր երաժշտականութիւն ստեղծելու համար. այսպէս, «Հրաժեշտի գազէլ»-ին մէջ պիտի գրէր. «Երկնի մովին, կանաչ ծովին, անտառներին խոր ու մթին, / Գարնան ամպին լոյս ոլորտում, ասում եմ ես մնաք բարով»: Ան տարբեր բանաստեղծական ձեւեր կը գործածէր` գազէլէն մինչեւ հնչեակ: Տէրեանի աւանդն է, որ Չարենց լաւապէս պիտի իւրացնէր եւ օգտագործէր, անոր վրայ աւելցնելով շատ աւելի հարուստ կառոյց մը:
Յաճախ ամբողջ հատորներ կը կարդանք եւ ոչ մէկ պատկեր կը մնայ մեր մտքին մէջ, մինչդեռ Տէրեանէն բազմաթիւ տողեր կամ պատկերներ, աւելի քան երկու տասնեակ բանաստեղծութիւններ, տարիներ ամբողջ կարծէք կը գամուին մեր յիշողութեան մէջ: Մէկ-մէկ մտքիս մէջ կ՛արձագանգեն իր այս տողերը. «Ինչպէ՞ս չսիրեմ, երկի՛ր իմ կիզուած, / Պարզուած վերստին սուրերին սուրսայր. / Ինչպէ՞ս չըսիրեմ – հեզութեամբ լցուած / Դու, եօթնապատի՛կ խոցուած Տիրամայր…». եւ իսկապէս ալ, իբրեւ եօթնապատիկ խոցուած Տիրամայր, մեր երկրին պատկերը ճշգրտօրէն կը ներկայացնէ այդ օրերու մեր հայրենիքին կացութիւնը:
2001-ին ինծի առիթը ընծայուեցաւ ծանօթանալու Տէրեանի ծննդավայրին, այն ֆիզիքական գողտրիկ աշխարհին, ուր հասակ առած էր ան: Հրաւիրուած էի Գրողներու միութեան հետ երթալու մինչեւ Գանձա, ուր ամէն տարի Տէրեանական օրեր կը տօնուին: Մեզ ընդունողները առիթը ընծայեցին այցելելու իր հօրենական օճախը, Փարւանա լիճը եւ հայրենի մեր աշխարհի այդ գեղեցիկ բաժինը, ուր կարելի էր տեսնել գետէն բարձրացող մշուշը, այսինքն` հեքիաթային վայրը, ուր բանաստեղծին մայրը իր իլիկը կը մանէր…: Եւ որքան յուզիչ էր այդ միջավայրին ծանօթացումը, նոյնքան յուզիչ էր Ջաւախքի մեր հայրենակիցներուն անսահման սէրը իրենց հարազատ զաւկին հանդէպ:
Սակայն ամենազարմանալին, Պոլշեւիզմի պայքարի, միջազգայնացումի շեփորահարման այդ բուռն տարիներուն, այս համայնավար բանաստեղծին անսահման սէրն է իր հայրենիքին հանդէպ, որուն վկայարանը կը հանդիսանայ «Երկիր Նայիրի»-ն. հատոր մը, որ իր նիւթով ու յղացումով ամբողջութիւն մը կը կազմէ:
Ասոնցմէ առաջինը «Դու հպարտ չես իմ հայրենիք» տողերով սկսած բանաստեղծութիւնն է, ուր ան կը խոստովանի. «Չըշլացայ խնդուն փառքիդ / Անցեալ ու հին փայլով երբե՛ք. / Սիրեցի հեզ, անքէն հոգիդ / Եւ երազներըդ մեղմ ու բեկբեկ, / Խեղճութիւնըդ` խաւար ու լուռ, / Աղօթքներըդ` դառն ու ցաւոտ, / Զանգակներիդ զարկը` տըխուր / Եւ խուղերիդ լոյսերն աղօտ…»: Կարդալով այս տողերը եւ այս շարքէն քանի մը ուրիշ քերթուածներ, կ՛անդրադառնանք, որ ուրկէ՞ ներշնչուած է Ե. Չարենց իր հանրածանօթ «Ես իմ անուշ Հայաստանի»-ն գրած ատեն, որովհետեւ նոյն սկզբունքն է, որ երկու գործերուն մէջ կը գործէ` կը սիրես հայրենիքդ իր բոլոր երեսներով, թէ՛ իր հպարտութիւն պատճառող կողմերով, եւ թէ իր ցաւերով, տխրութեամբ ու համեստ հիւղերով:
Շարքը երկար է հայրենասիրութեամբ բաբախող տէրեանական գործերուն: «Թողի երկիրն իմ հայրենի» տողերով սկսող քերթուածին մէջ, ուր կ՛ըսէ, թէ ամբողջ աշխարհը շրջած է եւ հանդիպած ամէն տեսակի մարդոց, բնութեան տարբեր հրաշալիքներու, գեղեցկուհիներու, այսինքն` այն բոլորին, որ երիտասարդ մը կը ցանկայ, այդ բոլորէն վերջ պիտի ըսէ. «Բոլորը` ծուխ, բոլորն` աւազ, / Բոլորն` աւար ջուր ու քամուն. / Չըկա՛յ քեզնից գերիչ երա՜զ, / Քո անունից անո՜ւշ անուն …», այսինքն` տեսած կամ վայելած վերոյիշեալ բոլոր գեղեցկութիւնները անցողական են, միմիայն հայրենիքն է, որ կը մնայ իբրեւ մնայուն արժէք: Ասոր համար ալ ան կ՛աւելցնէ. «Երանի՜ նրան, ով հայրենական / Խաղաղ յարկի տակ հանգչում է հիմա, / Ում չեն սարսեցնում հուրերը դաժան, / Ով գալիք օրուան ժպտում է անահ…»:
Նայիրին անշուշտ այն Հայաստանն է, որ բանաստեղծին մտքին մէջ կայ իբրեւ ապրող իրականութիւն, յա՛տկապէս այն բնաշխարհը, ուր մեծցած է ան եւ զայն կը կարօտնայ: Արդէն 1915-ին, երբ առաջին անգամ այս բանաստեղծութիւններէն մէկ քանին կը տպէր, ան կը յստակացնէր, որ «Նայիրի պէտք է հասկնալ ոչ թէ պատմական, այլ իդէական իմաստով»: Այդ երկիրը իր մէջ միշտ ներկայութիւն է, ատոր համար ալ մտքով յաճախ դարձած է տուն, ուր մայրը իր իլիկը կը մանէ: Այն վայրը, ուր մշուշի մէջէն իբրեւ տեսիլ դիւթական կրկին կը բացուի : «Կրկին»-ը արդէն շարունական վիճակ մը կը մատնէ: Այլուր պիտի գրէ. «Երբ կը յոգնեմ, տարէք ինձ հեռու իմ Գանձան/ Եւ կը դառնան օրերն այս որ անդարձ անցան», իսկ «Վերադարձ» բանաստեղծութեան առաջին տան մէջ պիտի խոստովանի. «Որպէս Լայերտի որդին, որպէս / Ուլիս մի, թողած եւ հող, եւ տուն, / Անցայ ծովեր ու ցամաքներ ես – / Ամէն տեղ օտար եւ անխնդում»: Այս վայր մըն է յաճախ խոցոտուած, հրկիզուած, ուր տխրութիւնը ծանօթ հոգեվիճակ է, եւ վերամբարձ քարերը ձեռքերու պէս կը բարձրանան երկինք, «երկիրն այնպէս արիւնոտ» է, աղօթքը` այնքան վեհ ու պարզ, իսկ «զոհաբերումն այնքան խնդագին»:
Ճիշդ է, որ տարբեր տարիներուն գրուած են սոյն բանաստեղծութիւնները, սակայն հիմնականօրէն հայ ժողովուրդին համար բախտորոշ շրջան մը կը ներկայացնեն, երբ Ցեղասպանութեան աղէտը կայ, բազմաթիւ այլ արիւնոտ դէպքերու կողքին, հայրենիքը յաճախ կորսուելու վտանգի մէջ է, եւ ճակատագրական դէպքեր տեղի կ՛ունենան ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ Կովկասի եւ Ռուսիոյ տարածքին, որոնք վճռական ազդեցութիւն ունին մեր հայրենիքին վրայ: Թերեւս ասոր համար ալ պիտի խորհի. «Մի՞թէ վերջին պոետն եմ ես, / Վերջին երգիչն իմ երկրի. / Մա՞հն է արդեօք, թէ նի՞նջն է քեզ / Պատել, պայծա՜ռ Նայիրի»: Ճիշդ է, որ կասկած մը կ՛արձանագրուի այստեղ, սակայն ասոր կը յաջորդէ պատասխանատուութեան գիտակցումը` եթէ երկիր Նայիրին գոյութենական վտանգի մէջ է, բանաստեղծին կը մնայ գիրի մակարդակին ներկայացնել հայութեան հոգեկան եւ ֆիզիքական բնաշխարհը իր այդ օրերու կացութեամբ եւ իր բոլոր հիմնական ստորոգելիներով, որոնք կը յատկանշեն զայն: Ինք վտարանդի է, աքսորեալ, եւ այդ աղօտ երկրին մէջ «Լուսե՜ղ, քեզ եմ երազում» պիտի ըսէ` աւելցնելով. «Եւ հնչում է, որպէս աղօթք/Արքայական քո լեզուն»: Արքայական լեզուն կամ արքայական խօսքը արտայայտութիւններուն յաճախ կը հանդիպինք իր տողերուն մէջ, որոնք իր մեծ սէրն ու գուրգուրանքը ցոյց կու տան հայերէն լեզուին հանդէպ:
Այս բոլորը կը խտանան «Մի՛ խառնէք մեզ ձեր վայրի, արջի ցեղերին» տողով սկսող յարաբերաբար աւելի երկար բանաստեղծութեան մէջ: Առաջին հարցումը, որ ընթերցողին մտքին մէջ կը ծագի հետեւեալն է, որո՞ւ կ՛ուղղուի այդ «մի՛ խառնէք»-ը, որ իր մէջ կը պարփակէ մեզ «մի՛ շփոթէք»-ը` ընդհանուր մարդկութեա՞ն, թուրքի՞ն, ռուսերո՞ւն, համայնավար առաջնորդներո՞ւն…: Ամէն պարագայի, գործին մէջ մեծ հաւատք կայ հայ ժողովուրդի ապագային նկատմամբ: Ինչպէս ինք կ՛ըսէ` մեր ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին շատ տեսած է դաւ ու դառնութիւն, փաստօրէն մեր շուրջը գտնուող Բաբելոնի ու Ասորիքի նման կայսրութիւններ անհետացած են, իսկ մենք կը գոյատեւենք: Ասոր պատճառը ինք կը նկատէ մեր ամրակուռ հոգին, որ դարերու դիմադրականութիւն կուտակած է իր մէջ: Մեզ գերուած արծիւ կը նկատէ, ոչ թէ ստրուկ, որովհետեւ գերութեան մէջ գտնուողը իր հոգիին մէջ միշտ ալ կը փայփայէ ազատութեան յոյսը: Այլ փոխաբերութեամբ մը ամբողջ Հայաստանը իբրեւ տաճար կը պատկերացնէ. հետեւաբար հոն գտնուող ամէն մէկ քար սուրբ կը նկատէ: Եւ կը հաւատայ, որ նոյնիսկ երբ հեռաւոր ապագային Եգիպտոսի բուրգերը փոշիի վերածուին` մեր հայրենիքը փիւնիկի պէս իր մոխիրներէն դուրս պիտի գայ աւելի զօրաւոր ու աւելի գեղեցիկ կերպով:
Փակելու համար` չեմ կրնար չմէջբերել «Արարատին» նուիրուած բանաստեղծութենէն հետեւեալ հատուածը. «Ծիրանաւո՜ր, մեր հոգուն / Դուն պահապան զօրաւոր … / Որպէս երազ լուսեղէն / Ձիւնապայծառ ու շողուն` / Դո՛ւ անխորտակ ապաւէն / Հըրաճարակ մեր հոգուն, / Կանգնի՛ր, անկեալ ժողովուրդ, / Եւ հաւատա՛, եւ տոկա՛ / Կայ քո վշտում վեհ խորհուրդ / Եւ Խաչուածին մահ չըկայ»: Ինչպէս խաչուածը յարութիւն առաւ` Տէրեան կը հաւատայ հայ ժողովուրդի վերազարթնումին:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ