Պէյրութի մէջ, բանակը յաջողեցաւ ազատել առեւնգուած Սէուտցին։
24 Ժամ առաջ Պէյրութի օդակայանի ճամբուն վրայ առեւնագուած Սէուտցի քաղաքացին ազատուած է։
Այս մասին լուրը հաղորդեց Vdl կայանը նշելով նաեւ, որ ազատման յատուկ գործողութիւնը տեղի ունեցած լիբանանեան բանակին կողմէ։
Կը նշուի նաեւ, որ Սէուտցին առեւանգուած էր անձերու ձեռամբ եւ վերջիններս մինչեւ 400 հազար ամերիկեան տոլարի փրկագին մը պահանջած էին, անոր ազատման դիմաց։
Բանակին կողմէ առաջ տարուած գործողութիւնը տեղի ունեցած է Լիբանան-Սուրիա սահմանային հատուածին վրայ, ուր կը պահուէր առեւնագեալը։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ «Արեւելք» աւելի վաղ մանրամասնօրէն գրած էր եղելութեան մասին։