image

Պէյրութի Կէրթմէնեան Վարժարանը Անաղմուկ Փակուած Է (Լուսանկար)

Պէյրութի Կէրթմէնեան  Վարժարանը Անաղմուկ Փակուած Է   (Լուսանկար)

Լիբանան-  Պէյրութի   հայահոծ Նոր Հաճըն թաղամասին  մէջ գործող     Կէրթմէնեան  նախակրթարանը  փակած է իր դռները:  «Արեւելք»  այս մասին  տեղեկութիւնը ստացաւ   Կէրթմէնեան վարժարանի մէջ պաշտօնավարող եւ ներկայիս անգործ մնացած  ուսուցչուհիէ  մը: Մեր աղբիւրը նաեւ ըսաւ, որ   անցեալ տարի  դպրոցը ունեցած է 100   աշակերտ եւ հոն   պաշտօնավարած են    15 ուսուցիչներ:    Մեր աղբիւրին ըսելով    Կէրթմէնեան  վարժարանի փակման հիմնական դրդապատճառը      տնտեսական տագնապն է,  որ կը   հարուածէ  ամբողջ Լիբանանը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ  դպրոցի շէնքը  կը մնայ փակ եւ   շէնքին  վերաբերեալ որեւէ ծրագրի մասին տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր:  Սփիւռքի  հայութեան     սրտին ՝ Պէյրութի մէջ    գործող այս վարժարանի աշակերտերը հիմնականին մէջ  կը պատկանէին  չքաւոր ընտանիքներու: